2011-05-16 13:01:09

Մարդու Իրաւունքներու Միջազգային Կազմակերպութեան Տարեկան Տեղեկագիրը` Ականատես Պատմական Յեղաշրջումներու։


Մարդու իրաւունքներու միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը իր տարեկան տեղեկագիրին մէջ կը գրէ ՜՜ հակառակ մարդու իրաւունքներու
բռնաբարումներուն աշխարհի մէջ, յոյս կայ որ այդ ուղղութեամբ պատմական յեղաշրջումներ տեղի ունենան՝՝։
2010-ին Էմնիսդի Ինդերնէյշընըլ արձանագրած է ազատութեան արտայայտութեան սահմանափակում 89 երկիրներու մէջ։ 48 երկիրներէն խնդրած է ազատ արձակել բոլոր անոնք որոնք իրենց գաղափարին համար բանտարկուած են, ու մատնանշած՝ անարդար դատավարութիւնները։
2011ի տեղեկագիրի յառաջաբանին մէջ, Սալիլ Շեթթի` ընդհանուր քարտուղարը Էմնիսդի Ինդերնէյշընըլի, իր լաւատեսութիւնը կը յայտնէ եւ կ'ակնկալէ որ պատմական յեղաշրջումներ տեղի ունենան, շնորհիւ ընկերային հաղորդակցութեան նոր միջոցառումներու, որոնք նեղի մատնած են բռնապետ վարչաձեւերը։
Նշենք թէ յառաջիկայ 28 մայիսին Էմնիսդի Ինդերնէյշընըլ պիտի տօնախմբէ իր հիմնարկութեան 50 ամեակը։
Այդ օրըը 1961ին անգլիացի փաստաբան Բիդըր Բենենսըն կոչ ուղղած էր մոռցուած բանտարկեալներու ի խնդիր։50 տարի է այս ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնը կ'աշխատի համայն աշխարհի մէջ մարդու իրաւունքներու հաստատումին ի խնդիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.